2015-07-23 09:30:00

Տիգրանակերտի մէջ բախումներ` քաղաքացիներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ։


Տիգրանակերտ քաղաքին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են ոստիկանութեան եւ Սուրուճի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումէն դժգոհող ցուցարարներուն միջեւ:

Ոստիկանութեան ջոկատները յարձակումի ենթարկուած են ցուցարարներուն կողմէ: Ցուցարարները անոնց ուղղութեամբ քարեր եւ այրող նիւթերով շիշեր նետած են, երբ ոստիկանութիւնը կոչ ուղղած է դադրեցնելու ցոյցը:

Բողոքի ցոյցի մասնակիցները ցրուելու համար ոստիկանութիւնը օգտագործած է արցունքաբեր կազ: Քաղաքին մէջ կեդրոնացուած են նաեւ յատուկ ջոկատայիններու լրացուցիչ ստորաբաժանումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.